1. «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք՝ առնելով իրենց լապտերները՝ գացին դիմաւորելու փեսան:
2. Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար:
3. Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց ձէթ չառին իրենց հետ.
4. սակայն իմաստունները՝ ամաններով ձէթ ալ առին իրենց լապտերներուն հետ:
5. Երբ փեսան ուշացաւ, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան:
6. Կէս գիշերին գոչիւն մը եղաւ. “Ահա՛ փեսան կու գայ. գացէ՛ք դիմաւորելու զինք”:
7. Այն ատեն բոլոր կոյսերը ոտքի ելան եւ յարդարեցին իրենց լապտերները: