Կողոսացիներին 4:1-9 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Տէրե՛ր, հատուցանեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն՝ իրաւունքով ու հաւասարութեամբ, գիտնալով թէ դո՛ւք ալ ունիք Տէր մը՝ երկինքը:

2. Յարատեւեցէ՛ք աղօթքի մէջ, եւ արթո՛ւն կեցէք անոր մէջ՝ շնորհակալութեամբ:

3. Միաժամանակ աղօթեցէ՛ք նաեւ մեզի համար, որ Աստուած խօսքի դուռ մը բանայ մեզի՝ խօսելու Քրիստոսի խորհուրդին մասին, որուն համար կապուած ալ եմ,

4. որպէսզի յայտնաբերեմ զայն այնպէս՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:

5. Իմաստութեա՛մբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ գնելով ժամանակը:

6. Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքո՛վ թող ըլլայ, աղով համեմուած, որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւրին:

7. Իմ մասիս ամէն ինչ պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս՝ սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ սպասարկուն եւ ծառայակիցը Տէրոջմով:

8. Զինք սա՛ նպատակով ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնայ ձեր մասին՝՝ ու մխիթարէ ձեր սիրտերը,

9. Ոնեսիմոս հաւատարիմ եւ սիրելի եղբօր հետ՝ որ ձեզմէ է. իրենք պիտի գիտցնեն ձեզի ամէն ինչ որ կայ հոս:

Կողոսացիներին 4