Հռոմեացիներին 5:5-11 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

5. եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի:

6. Արդարեւ մինչ մենք տակաւին տկար էինք, յարմար ժամանակին՝ Քրիստոս մեռաւ ամբարիշտներուն համար.

7. հազիւ թէ արդարի մը համար մէկը ուզէ մեռնիլ, (թերեւս բարի մարդու մը համար մէկը յօժարի մեռնիլ,)

8. մինչդեռ Աստուած մեզի հանդէպ ունեցած իր սէրը ապացուցանեց այն իրողութեամբ, որ երբ տակաւին մեղաւոր էինք՝

9. Քրիստոս մեռաւ մեզի համար. ուրեմն հիմա որ արդարացանք իր արիւնով, ո՜րչափ աւելի բարկութենէն պիտի փրկուինք իրմով:

10. Որովհետեւ եթէ մեր թշնամի եղած ատենը հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ իր Որդիին մահով, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի փրկուինք անոր կեանքով:

11. Եւ ո՛չ միայն ասիկա, այլ նաեւ կը պարծենանք Աստուծմով՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որով հիմա ստացանք հաշտութիւնը:

Հռոմեացիներին 5