Հռոմեացիներին 5:14-21 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

14. Սակայն մահը թագաւորեց Ադամէն մինչեւ Մովսէս, նոյնիսկ Ադամի օրինազանցութեան նման չմեղանչողներուն վրայ. ինք նախատիպն էր անոր՝ որ յետոյ պիտի գար:

15. Բայց շնորհը յանցանքին պէս չէ. որովհետեւ եթէ մէկին յանցանքով շատեր մեռան, ա՛լ ո՜րչափ աւելի շատերուն վրայ առատացաւ Աստուծոյ շնորհքը, եւ պարգեւը՝ որ շնորհուեցաւ մէկ մարդու՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

16. Եւ պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկ մեղանչողին պատահածը. որովհետեւ դատաստանը մէկին մեղքով դատապարտութեան մատնեց, բայց շնորհը շատ յանցանքներէ արդարութեան առաջնորդեց:

17. Քանի որ եթէ մէկ մարդու յանցանքով՝ մահը թագաւորեց այդ մէկով, ո՜րչափ աւելի անոնք՝ որ կը ստանան շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն միակ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:)

18. Ուրեմն, ինչպէս բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ տրուեցաւ մէկին յանցանքով, այնպէս ալ բոլոր մարդոց կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ մէկին արդարութեամբ:

19. Որովհետեւ ինչպէս շատեր մեղաւոր եղան մէկ մարդու անհնազանդութեամբ, այնպէս շատեր արդար պիտի ըլլան մէկին հնազանդութեամբ:

20. Սակայն Օրէնքը ներս սպրդեցաւ՝ որպէսզի յանցանքը աւելնայ. բայց հոն՝ ուր մեղքը աւելցաւ, շնորհքը չափազանց առատացաւ:

21. Որպէսզի՝ ինչպէս մեղքը թագաւորեց մինչեւ մահ, այնպէս ալ շնորհքը թագաւորէ արդարութեամբ՝ մինչեւ յաւիտենական կեանք, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

Հռոմեացիներին 5