Գործք 1:2-7 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

2. մինչեւ այն օրը՝ երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէրներ տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն, ու համբարձաւ:

3. Նաեւ ինքզինք ողջ ցոյց տուաւ անոնց իր չարչարանքներէն ետք՝ շատ ապացոյցներով, քառասուն օր տեսնուելով անոնցմէ եւ խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին:

4. Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ.

5. «որովհետեւ իրաւ է թէ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք՝ շատ օրեր չանցած՝ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիո՛վ»:

6. Անոնք ալ համախմբուելով՝ հարցուցին իրեն. «Տէ՛ր, այս ժամանակի՞ն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թագաւորութիւնը»:

7. Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակներն ու ատենները, որ Հայրը իր իշխանութեան մէջ դրաւ.

Գործք 1