Ղուկաս 22:2-9 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

2. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս մեռցնեն զայն, քանի որ կը վախնային ժողովուրդէն:

3. Սատանան մտաւ Իսկարիովտացի մականուանեալ Յուդայի ներսը, որ տասներկուքէն մէկն էր,

4. եւ ան գնաց բանակցելու քահանայապետներուն ու մեծաւորներուն հետ՝ թէ ի՛նչպէս մատնէ զայն անոնց:

5. Անոնք ուրախացան եւ միաձայնեցան դրամ տալ անոր:

6. Ինք ալ խոստացաւ, ու կը փնտռէր պատեհութիւն մը զայն մատնելու անոնց՝ առանց բազմութեան:

7. Բաղարջակերքի օրը եկաւ, երբ պէտք էր մորթել զատիկը:

8. Ուստի ղրկեց Պետրոսն ու Յովհաննէսը՝ ըսելով. «Գացէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք մեզի զատիկը՝ որպէսզի ուտենք»:

9. Անոնք ալ ըսին անոր. «Ո՞ւր կ՚ուզես որ պատրաստենք»:

Ղուկաս 22