Գ Հովհաննես 1:5-11 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

5. Սիրելի՛ս, դուն հաւատա՛րմաբար կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես եղբայրներուն եւ օտարականներուն.

6. անոնք վկայեցին քու սիրոյդ մասին եկեղեցիին առջեւ: Եթէ ուղարկես զանոնք աստուածահաճոյ կերպով՝ լա՛ւ կ՚ընես.

7. որովհետեւ անոնք մեկնեցան Աստուծոյ անունին համար՝ ոչինչ առնելով հեթանոսներէն:

8. Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան:

9. Գրեցի եկեղեցիին. բայց Դիոտրեփէս, որ կ՚ուզէ անոնց մէջ առաջին ըլլալ, չ՚ընդունիր մեզ:

10. Ուստի եթէ գամ՝ պիտի մտաբերեմ անոր ըրած գործերը, քանի որ կը շաղակրատէ մեզի դէմ չար խօսքերով: Չի բաւարարուիր ասով, եւ ո՛չ միայն չ՚ընդունիր եղբայրները, հապա կ՚արգիլէ ու եկեղեցիէն կը վտարէ անոնք՝ որ կ՚ուզեն ընդունիլ:

11. Սիրելի՛ս, մի՛ նմանիր չարին, հապա՝ բարիին: Ա՛ն որ բարիք կ՚ընէ՝ Աստուծմէ է. բայց ա՛ն որ չարիք կ՚ընէ՝ տեսած չէ Աստուած:

Գ Հովհաննես 1