3. անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ,
4. գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ:
5. Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար,
6. եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ: