3. Քեզի աղաչեցի որ Եփեսոս մնաս, երբ ես Մակեդոնիա կ՚երթայի, որպէսզի պատուիրես ոմանց՝ ուրիշ կերպով չսորվեցնել,
4. ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով:
5. Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ:
6. Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ.
7. կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն: